2017-01-16 09:42:00

Թուրք երեսփոխանները Փայլանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսքը «դաւաճանութիւն» որակած են


«Թերթ» կը գրէ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան թուրք երեսփոխանները, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսքը ընդհատած են «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով ու պոյքոթի ենթարկած են անոր խօսքը` սեղաններուն զարնելով:

Փայլան, մասնաւորաբար, յայտարարած է, որ 1913-1923 թուականներուն երկրին մէջ արձանագրուած հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրեաները «մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան պատճառով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»:

Թուրք երեսփոխանները դահլիճէն պոռացած են. «Այս հողերուն վրայ ցեղասպանութիւն չէ եղած, խորհրդարանի ամպիոնէն թուրք ժողովուրդը չես կրնար վիրաւորել, Ապտիւլ Համիտը չես կրնար վիրաւորել, դուն Հայաստանի երեսփոխան չես, Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ես»:

Սակայն հայազգի երեսփոխանը շարունակած է իր խօսքը` ըսելով. «Ժամանակին մենք բնակչութեան 20 տոկոսն էինք, այսօր 1000-ի մէջ մէկն ենք: Բան մը եկած է հայ ժողովուրդին գլխուն, ես ատոր ցեղասպանութիւն կ՛ըսեմ, դուք ինչպէս կ՛ուզէք զայն անուանեցէք: Հայ ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ եկած է իր գլխուն: Ասոր դուք անուն տուէք, ես ալ` ընդունիմ, թէ մեր գլխուն ինչ եկած է: Ես նախնիներուս, պապերուս գլխուն ի՛նչ եկած է` շատ լաւ գիտեմ: Մեր գլխուն բան մը եկած է, եւ եկէք դուք զայն անուանեցէք, միասին առերեսուինք»:

Ատկէ ետք թուրք երեսփոխանները Փայլանին չեն արտօնած շարունակել իր խօսքը: Հայազգի երեսփոխանը դիմած է խորհրդարանի փոխնախագահ Ահմեթ Այտանին. «Այս ի՞նչ է, յարգելի՛ նախագահ, պիտի չմիջամտէ՞ք»:

Սակայն փոխնախագահը նոյնպէս չէ յաջողած հանգստացնել կիրքերը, փոխարէնը ան խնդրած է Փայլանէն «ուշադրութիւն դարձնել իր խօսքերուն եւ չվիրաւորել թուրք ազգը»:

Փայլան պահանջած է յաւելեալ 5 վայրկեան խօսքի համար, սակայն փոխնախագահը տրամադրած է ընդամէնը մէկ վայրկեան, որուն ընթացքին ալ հայազգի երեսփոխանը չէ յաջողած շարունակել խօսքը` երեսփոխաններու պոյքոթին պատճառով:

«Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն համար Փայլանը պատժած են` զրկելով երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը հանուած են նիստի արձանագրութիւններէն:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները Փայլանի խօսքը նկատած են «դաւաճանութիւն եւ ստորութիւն»:

Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարներէն Նաճի Պոսթանճը Փայլանի քայլը որակած է իբրեւ «ամբողջ կայսրութեան մը կռնակէն հարուած» եւ աւելցուցած. «Մենք ոչ մէկ խնդիր ունինք Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ արտերկրի մէջ բնակող հայերուն հետ… «Ոմանք ցեղասպանութեան մասին պնդումներով այստեղէն եւ միջազգային ամպիոններէն կը փորձեն ազգայնականութիւն զարգացնել»:

Փայլանի խօսքը քննադատած են նաեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան շարք մը անդամներ, քեմալական խմբակցութեան ղեկավար Էնկին Ալթայ նշած է, որ իրենց կուսակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւն եզրի բարձրաձայնումը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Փայլանի կուսակից, Անգարայէն ընտրուած երեսփոխան Սուրրէյա Էօնտեր` խուսափելով յստակ ձեւակերպումներէ, նշած է, որ այն ժամանակաշրջանը, որուն մասին կը խօսի Փայլան, Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն ցաւալի շրջանն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.